ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ ՝ ՄԵՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ

ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ ՝ ՄԵՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ

99 տարի  առաջ այս օրերուն, Փարիզի մօտակայ՝  Սեւրի  գործարաններէն մէկուն մէջ, պատմական համաձայնութիւն մը կնքուեցաւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին յաղթած դաշնակից պետութիւններու՝ Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Ճափոն, Իտալիա, Պելճիքա, Յունաստան, Լեհաստան, Փորթուգալ,  Ռումանիա, Հայաստան, Չեխոսլովաքիա, Սերպիոյ, Խրուաթիոյ եւ Սլովենիոյ թագաւորութիւններ, Արաբական Թագաւորութեան եւ պարտուած Թուրքիոյ սուլթանական կառավարութեան միջեւ:

Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ ծանօթ՝ Սեւրի  Դաշնագրին  յատկանշական կէտերէն մէկը այն էր, որ  Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ խորհրդաժողովին մասնակից  եւ  պայմանագիրը  ստորագրող կողմ՝  «Տէ Եուրէ»  կը ճանչցուէր պայմանագիրը ստորագրող բոլոր  պետութիւններէն:

13 մասերէ եւ 433 յօդուածներէ բաղկացած  դաշնագրին  հիմքը կը կրէր Սան Ռեմոյի (19- 26 Ապրիլ  1920) եւ Սայքս-Փիքոյի (1916) համաձայնութիւններուն դրոյթները:

Սեւրի  Դաշնագրին համաձայն, Թուրքիոյ  պիտի մնար Պոլիսը եւ անոր շրջակայքը:  Թուրքիոյ  նեղուցները  պիտի անցնէին միջազգային  հսկողութեան տակ:  Թուրքիա պիտի հրաժարէր Պուլկարիոյ, Եգիական ծովու  կղզիներուն, Կիպրոսի, Եգիպտոսի եւ  արաբական հողերու գերիշխանութենէն: Վերջիններս, Ազգերու  Լիկայի (ՄԱԿ-ի նախատիպարը)  որոշումով կը  յանձնուէին  Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի  հոգատարութեան:

Սեւրի  Դաշնագրին մէջ  Հայաստանին առնչուող բաժինները  տեղ գտած էին 88- 93րդ  յօդուածներուն տակ: Թուրքիա Հայաստանը  պիտի ճանչնար իբրեւ անկախ եւ ազատ պետականութիւն: Երկու  պետութիւնները կը համաձայնէին Տրապիզոնի, Պիթլիսի,Վանի եւ Էրզրումի  նահանգներուն սահմաններուն  ճշդումը  լիազօրել  Միացեալ  Նահանգներուն եւ վաւերական   ճանչնալ անոր որոշումը:  Թուրքիա  կ’ընդունէր Հայաստանին  դէպի ծով ելք տալու  Միացեալ Նահանգներու միջնորդութիւնը: Միացեալ  Նահանգներու նախագահ  Վուտրօ  Ուիլսընի կազմած յանձնախումբը  իր  յանձնարարականները  Սեպտեմբեր  1920-ին ներկայացուց  նախագահին:  Նոյն տարուան  Նոյեմբերին, նախագահ  Ուիլսըն  զանոնք  ներկայացուց  եւրոպական  պետութիւններուն:  Նախագահ  Ուիլսընի համաձայն,   Հայաստան պիտի ստանար  Վանի եւ Պիթլիսի  նահանգներուն երկու  երրորդը,  Էրզրումը՝ գրեթէ ամբողջութեամբ,  Տրապիզոնի մեծ մասը, ներառեալ անոր նաւահանգիստը: Հայկական անկախ  պետութիւնը պիտի ունենար  160  հազար քառակուսի քիլոմեթր  տարածութիւն:

Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ սահմանային տարակարծութիւնները պիտի  կարգաւորուէին երեք պետութիւններուն միջեւ  ուղղակի  բանակցութիւններու  միջոցաւ, այլապէս՝  յատուկ  յանձնաժողովի  մը  օգնութեամբ: Դաշնագիրը հաստատեց, որ   Հայաստան, Վրաստան, Ատրպէյճան եւ Իրան՝ Պաթումի նաւահանգիստին  միջոցաւ ազատ  մուտք պիտի ունենան դէպի Սեւ ծով:

Սեւրի Դաշնագիրը կնքուած   օրերուն, քաղաքական բառարանին մէջ  տակաւին տեղ  չէր գրաւած  ցեղասպանութիւն եզրը:  Դաշնակիցները՝«զարհուրելի  ոճիրներ» բնութագրութիւնը կու տային  հայ ժողովուրդին  դէմ կազմակերպուած եւ  գործադրուած ցեղասպանութեան: Սեւրի  Դաշնագիրը  յատկանշական  յօդուած մը բանաձեւեց  այս մասին, որուն անհրաժեշտ  գնահատականը   չենք  տուած առ այսօր.« Պատերազմի ժամանակ (խօսքը Առաջին Համաշխարհային  պատերազմի մասին է),  Թուրքիոյ մէջ մարդոց նկատմամբ կատարուած վայրագութիւններուն  պատճառած չարիքն առաւելագոյն չափով  գաւելու համար  օսմանեան կառավարութիւնը կը պարտաւորուի իր եւ  օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ ցոյց  տալ ամէն տեսակ աջակցութիւն՝ 1 Նոյեմբեր 1914-էն ետք անհետացած, առեւանգուած, ներկալուած  եւ ազատազրկուած իւրաքանչիւր ցեղի եւ  իւրաքանչիւր  կրօնի մարդոց որոնելու եւ ազատելու համար»:  Իսկ  «Պատիժներ»  ենթագլուխին տակ.« Թրքական կառավարութիւնը կը  ճանչնար Դաշնակից պետութիւններու  իրաւունքը՝ ռազմական ատեանին յանձնելու պատերազմի  օրէնքներն ու կանոնները խախտած   յանցագործները, կը  համաձայնէր նաեւ  յանձնել այն անձերը, ինչպէս եւ անոնց  կատարած ոճրագործութիւններուն մասին վերաբերող տեղեկութիւններն ու փաստաթուղթերը «… Այդ անձիք պատասխանատու են կատարուած  ջարդերու  համար  այն ժամանակ, երբ  երկիրը կը գտնուէր պատերազմական  վիճակի մէջ, այն տարածքներուն մէջ, որոնք կը կազմէին  թրքական  կայսրութեան մասը՝ 1 Օգոստոս 1914»ին: Դաշնակիցները լիազօրուած էին  ատեան նշանակել այդ  անձերուն համար: Փաստօրէն  Թուրքիա կ’ընդունէր  Ցեղասպանութեան  պատասխանատուութիւնը:

Դժբախտաբար  Սեւրի  Դաշնագիրը մնաց  թուղթի  վրայ:  Սուլթանական եւ  քեմալական Թուրքիաները  ոչ միայն  մերժեցին  ճանչնալ, այլեւ՝  դիմեցին զայն կանխող  զանազան միջոցներու:  Մեր   բոլոր դաշնակիցները, հակառակ իրենց  մարդասիրական  ելոյթներուն,  վճռական պահուն   չդրսեւորեցին  հայ  ժողովուրդը պաշտպանելու  վճռակամութիւն: Սեպտեմբեր  1920-ի վերջաւորութեան թրքական բանակը անցաւ յարձակողականի:  Թրքական  բանակներու  դէմ  անզօր եւ անօգնական  մնացած  հայկական  բանակը կրեց  յաջորդական պարտութիւններ:  Հայաստանի հանրապետութիւնը  Դեկտեմբեր 1920-ին ստորագրեց  Ալեքսանտրապոլի համաձայնագիրը  եւ ստիպողութեան  տակ  հրաժարեցաւ  Սեւրի  Դաշնագրէն: Սոյն համաձայնագիրէն  մէկ օր առաջ Հայաստանի մէջ հաստատուեցաւ    խորհրդային վարչակարգ:  Քեմալական  Թուրքիան  Արեւմուտքի նախանձը  գրգռելու  նպատակով  սիրաբանութեան մէջ մտած էր   Խորհրդային  Ռուսիոյ հետ: Ապաւինելով վերջինիս  ռազմաքաղաքական  աջակցութան եւ  արեւմտեան  պետութիւներու  թուլութեան վրայ,  Լոզանի  Խորհրդաժողովին  ընթացքին, առանց  յայտարարելու ՝ յաջողեցաւ  վերանայիլ  Սեւրի Դաշնագրին  բոլոր  կէտերը: 16 Մարտ  1921-ին՝  Մոսկուայի եւ  13 Հոկտեմբերին՝ Կարսի  համաձայնագրերով  որոշուեցաւ Խորհրդային Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը:  Նոյն տարուան Յունուարին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցող Դաշնակիցներու Գլխաւոր Խորհուրդի   նիստին ընթացքին, Ֆրանսա պաշտօնապէս պահանջեց  վերանայիլ Սեւրի  Դաշնագիրը:

1921-ին, Լոնտոնի  խորհրդաժողովին ընթացքին « Հայկական անկախ  պետութիւն» եզրը    փոփոխութեան  ենթարկուեցաւ «  Թուրքիոյ  տարածքին մէջ «Հայկական Ազգային Օճախ» ստեղծելու մասին» վերացական ձեւակերպութեան, որ  Լոզանի  խորհրդաժողին ընթացքին ընդհանրապէս  ջնջուեցաւ…:

Սեւրի  Դաշնագիրը, անոր նախորդող Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովը եւ յաջորդող  Կարսի, Մոսկուայի, Լոնտոնի  եւ Լոզանի խորհրդաժողովները յստակ ապացոյց  են, որ մեր  ժողովուրդը  պատրաստի  կեր  դարձած էր  Թուրքիան  սիրաշահելու՝ դաշնակիցներու  եւ խորհրդային Ռուսիոյ  հակամարտութեան մէջ:

Սեւրի  Դաշնագիրը   մինչեւ օրս միջազգային   ընտանիքին կողմէ կը մնայ հայկական հարցի լուծման ամենաարդար   հաստատագիրը: Ժամանակակից հայ  պատմաբաններէն շատեր, յաճախ կը պահանջեն անոր  գործադրութիւնը:  Ուրիշներ կը  վիճարկեն  անոր օրինականութիւնը: Փաստը այն է, որ մենք դատ ունինք  լուծելիք: Սեւրը կը մնայ  Հայաստանի եւ  հայ ժողովուրդի իրաւունքներու  պաշտպանութեան անժամանցելի  փաստաթուղթը:  Սեւրի  Դաշնագիրէն  մեր միակ  քաղելիք  դասը պիտի  ըլլայ սեփական ուժին վստահելու   հաւատքը: Դաշնագրին  գործադրութեան  կարելիութիւնները  ուսումնասիրելէ  առաջ, հաւատանք  մեր ներուժին եւ հետեւինք Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն  ջախջախուած դուրս եկած Գերմանիոյ օրինակին:

Պատերազմէն  քայքայուած  գերմանացիները  երկրին  տնտեսական վերականգնումը եւ  ժողովուրդին բարօրութիւնը հեռանկար ունենալով կերտեցին  այսօրուան  տնտեսապէս ու քաղաքականապէս հզօր   Գերմանիան:

Մենք ին՞չ կը կատարենք մեր ափ մը հայրենիքին մէջ…: Լրջութեամբ մտածենք այս մասին, ինքնագովաբանութեամբ  եւ անցեալի փառաբանութիւններով զբաղելու փոխարէն:  Միշտ  յիշենք  մեծ հայասէր  Եոհան Լեփսիուսի հետեւեալ խօսքերը.« Քանի տակաւին  չէ լուծուած Հայկական Հարցը, անիկա  Դամոկլեան սուրի նման պիտի   ճօճուի Թուրքիոյ գլխուն վրայ…»: Հայկական  Հարցը լուծելու համար անհրաժեշտ է  զօրանալ  հայրենի  հողին վրայ: Լուծումներ գտնել արտագաղթի ու ծնելիութեան  նուազումի սպառնալիքներուն, ամրապնդել՝  ժողովուրդ-պետութիւն վստահութիւնը, որպէսզի վաղուան սերունդներուն փոխանցենք անցեալի հերոսներուն սխրագործութիւններով հպարտացող ժողովրդավար եւ  ընկերային արդարութեան վրայ  յենած պետականութիւն:

 

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

https://www.yerepouni-news.com/2019/08/12/%d5%bd%d5%a5%d6%82%d6%80%d5%ab-%d5%a4%d5%a1%d5%b7%d5%b6%d5%a1%d5%a3%d5%ab%d6%80%d5%a8-%d5%9d-%d5%b4%d5%a5%d6%80-%d5%ab%d6%80%d5%a1%d6%82%d5%b8%d6%82%d5%b6%d6%84%d5%b6%d5%a5%d6%80%d5%b8%d6%82-%d5%ba/