Ծանր միջադէպ Պուրճ Համուտի մէջ. Կան հայ տուժածներ (տեսանյութ)
Arevelk.am-Այսօր յետմիջօրէին ծանր միջադէպ մը գրանցուած է Պէյրութի հայահոծ արուարձաններէն Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրներէն։ Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ բանակռիւով սկիզբ առած ու ապա վէճի եւ արիւնայեղութեան վերածուած միջադէպին հետեւանքով ինկած են զոհեր, որոնց մէջ կան հայորդիներ։
Ըստ նախնական տուեալներու, Արաքս թաղամասին մօտ ապրող ոչ հայ քաղաքացի մը, հայհոյանքներով դիմած է շրջանին մէջ ապրող հայ տարեցի մը, որուն հետեւանքով ալ տեղի հայ երիտասարդները փորձած են սաստել հայհոյողը, որ կ՚ըսուի նաեւ, թէ հոգեկան խնդիրներ ունի։
Դաշունահարուած հայորդիներէն մին հիւանդանոց փոխադրուելու պահուն մահացած է, մինչ տեղեկութիւններ շրջան կ՚ընեն, որ երկու միւս հայ երիտասարդները կը գտնուին ծանր վիճակի մէջ։
Դէպքին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ եւ անուններ պիտի պարզենք աւելի ուշ։