Թուրքիայի խորհրդարանի հայազգի պատգամավոր Կարո Փայլանը հարձակման է ենթարկվել

Թուրքիայի խորհրդարանի հայազգի պատգամավոր Կարո  Փայլանը հարձակման է ենթարկվել

«Շաբաթ օրուան մայրեր» անունով նախաձեռնութեան  հերթական  հաւաքին ընթացքին Տիարպէքիր  շրջանի հայ  երեսփոխան Կարօ Փայլան  յարձակման ենթարկուած է։ Այս  մասին լուրը կը փոխանցէ    թրքական «Տոխուզ հապէր» կայքը։

Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ  Փայլան,  որ տարբեր առիթներով ալ կը մասնակցի այդ հաւաքներուն   թիրախ դարձած է ոստիկաններու յարձակման։

Տեղի ունեցած պոռչտուք,  իսկ ինք Կարօ Փայլան բարձր  ձայնով եւ պոռալով ըսած է «Այսօր դուք ամէն տեղ անզէն մարդոց վրայ ձեռք կը բարձրացնէք, կը հարուածէք ու կը բռնադատէք, բայց վստահ եղէք, որ օր մը այս վիճակն ալ պիտի  փոխուի Թուրքիոյ  մէջ, վստահ եղէք …»:

Նշենք, որ «Շաբաթ օրուան մայրեր» նախաձեռնութիւնը հիմնուած է այն մայրերուն կողմէ, որոնք վաղ    ականներուն տարբեր պայմաններու տակ  կորսնցուցած են իրենց  քիւրտ եւ ալեւի զաւակներն ու թոռները։

Անոնք եղած  դէպքերուն գլխաւոր պատասխանատուն կը համարեն Թուրքիոյ քէմալիստական կարգերը։

shantnews.am