Այսօր Ախալքալաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է բողոքի հաւաք: Այս մասին «Հայ Ձայն» տեղեկութիւն ստացաւ Ախալքալաքի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ խումբ մը հայ երիտասարդներ բողոքելով հայկական խաչի մոթիվներ կրող կօշիկներու Վրաստան ներմուծման դէմ բողոքի ցոյց կատարած են:

Երիտասարդները բարձրացուցած են «Ո՛չ սրբապղծութեան»ը խորագիր կրող ՝ հայերէնով, վրացերէնով եւ ռուսերէնով գրուած պաստառներ: Անոնք դիմած են Վրաստանի պատկան մարմիններուն հետաքննելու եւ պարզելու, թէ նշուած ապրանքը որ երկրէն ներմուծուած է եւ յետ այսու թոյլ չտալ նմանատիպ երեւոյթներու:

Աւելի հաղորդած էինք, որ վերջին շրջանին Վրաստանի տարբեր քաղաքներուն մէջ Թուրք- ազրպէյճանեան կողմերու, որոշակի աշխուժութիւն մը երեւալի սկսած է դառնալ,բան մը որ անհանգստութիւն կը պատճառէ Ջաւախքի եւ Վրաստանի հայութեան մօտ:

Աղբյուր՝ haydzayn.am